2014-08-07 09:29:06

Իրաքի Քաղտէացիներու Պատրիարքի կոչը միջազգային հասարակութեան։


''Պատրիարքին գնահատումով Իրաքի քրիստոնեաներու ներկայութիւնն իսկ սպառնալիքի տակ է''։

Քաղտէացիներու Պատրիարքը` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան, Իրաքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան ի խնդիր։ Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Իրաք, ըսած է Պատրիարքը, լրջօրէն սպառնալիքի տակ է։
Պատրիարքը այդ ուղղութեամբ նամակ մը յղած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ու աշխարհի եպիսկոպոսական դասերու, խնդրելով անոնց միջամտութիւնը միջազգային հասարակութեան մօտ, դրականօրէն իրենց աջակցութիւնը բերելու Իրաքի քրիստոնեաներուն։ Իր նամակով Պատրիարքը դիտել կու տայ թէ ինչպէս մահմետական ծայրայեղները օրէ օր կը բռնագրաւեն երկիրը եւ կ'արտաքսեն քրիստոնեաները իրենց օճախներէն, նախապէս տէր դառնալէ ետք հիւսիսային Սուրիոյ։
Պատրիարքը կը դատապարտէ գերզօրութիւններու եսապաշտութիւնը ու անտարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ կը մեղադրէ իսլամ պարագլուխները որ ոչ միայն իրենց ձայնը չեն բարձրացներ ծայրայեղ մահմետականներու դէմ այլեւ նիւթապէս կ'օգնեն անոնց։








All the contents on this site are copyrighted ©.