2014-08-07 12:17:32

Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը հանդիպեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին։


Չորեքշաբթի 6 օգոստոս 2014-ին, Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ` գերապայծառ Պետրոս Արք. Միրիաթեան, հակիրճ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, որուն փոխանցեց ''Սուրիացի քրիստոնեաներուն ցաւերն ու յոյսերը''։
Գերապայծառ Միրիաթեան այս առթիւ Քահանայապետին ներկայացուց նաեւ աշխարհական կամաւոր տիկին մը, երկու զաւակներու մայր, որ կը շարունակէ իր ծառայութիւնը մատուցել ժողովրդապետութեան ներքոյ եւ դպրոցներու մէջ կրօն ուսուցանելով։
Հակառակ ռմբակոծումներուն, որոնք հարուածեցին նաեւ մեր առաջնորդարանը, հաւատացեալ աշխարհականներու քաջ վկայութիւնը ողջ կը պահէ մեր մէջ յոյսը, քաղաքի մը մէջ որ շրջապատուած է եւ որ, առ այժմ, խաղաղութեան նշոյլ մը չի տեներ'' յայտրարած է գերապայծառ Միրիաթեան Վատիկանի Օսսեվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.