2014-08-06 09:13:50

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Եկեղեցին սպասարկող 50 հազար Գերմանացի երախաներու հետ։


Երեքշաբթի, 5 օգոստոսի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, տօնական խանդավառ մթնոլորտի մէջ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի տարածքին, հանդիպեցաւ Գերմանացի 50 հազար Եկեղեցի սպասարկող երախաներուն ու անոնց ընկերացող դաստիարակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն հետ, որոնք 4 – 8 օգոստոս ուխտագնացութեամբ ժամանած են Հռոմ։

Կատարուած ժամասացութեան արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը երեք երախաներու կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանեց շեշտը դնելով իսկական ''ազատութեան'' իմաստին, Յիսուսը ճանչնալու ու զայն ուրիշներուն ճանչցնելու կարեւորութեան եւ նորաձեւ ու արդիական արհեստագիտական միջոցներու չարաչար գործածութենէն խուսափելու մասին։

Հաւաքին բնաբանն էր ՝՝Ազատ, որովհետեւ արտօնուած է բարիք ընել՝՝։

Ժամասացութեան արարողութեան ընթացքին գերմաներէն արտասանած իր հակիրճ քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ ''Տէրը կ՛ուզէ որ մարդիկը ըլլան ազատ''։ Աստուած մեզի ցոյց կու տայ թէ Ինք բարի Հայր մըն է ու այս մէկը կ՛ընէ Իր Որդւոյն մարդեղութեան միջոցաւ'', ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընգծելով թէ` ''Մարիամ ամենեւին ազատ էր եւ իր ազատութեամբ ''այո'' ըսաւ Աստուծոյ ծրագիրին ծառայելով Աստուծոյ ու մարդկանց''։ Ան ապա հրաւիրեց ''օրինակ առնել Մարիամէն, եթէ կ՛ուզենք հասկնալ թէ ի՞նչ կ՛ակնկալէ Աստուած իրեն զաւակներէն''։
Արարողութեան աւարտին երեք երախաներ հարցումներ ուղղեցին Սրբազան Հօր թէ ''ի՞նչպէս երիտասարդները կարող են այսօր դերակատարներ ըլլալ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ'' թէ ''ի՞նչպէս կարելի է հաշտեցնել Եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութիւնը այլ պարտականութիւններու եւ զբաղումներու հետ'' եւ թէ ''ի՞նչպէս կարելի փորձարկել թէ հաւատքը ազատութիւն կը նշանակէ''։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատասխանեց թէ աշխարհը պէտք ունի անձերու որոնք կը վկայեն թէ ''Աստուած կը սիրէ մեզ''։ բաւարար չէ միայն հասարակաց բարիքի ի սպաս ծառայութիւն մատուցել։ Մենք Տիրոջ աշակերտներս առաւել մէկ առաքելութիւն մը ունինք կատարելիք, այն է` ըլլալ ''միջոցներ'' որ Յիսուսի սէրը կը փոխանցեն եւ այս առաքելութեան մէջ դուք երիտասարդներդ կարեւոր մէկ դեր մը ունիք` կանչուած էք ձեր տարեկիցներուն խօսիլ Յիսուսի մասին եւ ոչ միայն ձեր շրջանակին մէջ այլ նաեւ անկէ դուրս։ Շատ մը երիտասարդներ կարօտը ունին ունկնդրելու պատագմը թէ Յիսուս մեզ կը ճանչնայ, մեզ կը սիրէ ու մեզի կը ներէ, եւ մեր հետ կը կիսէ դժուարութիւնները թիկունք կանգնելով մեզի իր շնորհքներով։ Սակայն – յարեց Սրբազան Հայրը - Յիսուսի մասին ուրիշներուն խօսելու համար, հարկ է ճանչնալ ու սիրել զայն, աղօթքի ու Աստուծոյ խօսքին ուկնդրութեան մէջ հանդիպիլ Անոր եւ դուք այս առընչութեամբ դիւրութիւնը ունիք, որովհետեւ ձեր Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը ձեզի թոյլ կու տայ մօտիկ ըլլալ Յիսուսին։ Տէրը ձեզմէ ամէն մին կը կանչէ աշխատելու իր այգիին մէջ, կը կոչէ ըլլալու Եկեղեցւոյ մէջ դերակատարներ, պատրաստ ձեր բարեկամներուն հաղորդելու այն ինչ որ Ինք ձեզի կը հաղորդէ։


Երկրորդ հարցումին պատասխանելով Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց ''հաւասարակշիռ կերպով կազմակերպուիլ''։ ''Այս մէկը – ըսաւ Ան - ձեզի համար դիւրին է որովեհետւ գերմանացի էք'', ու յանձնարարեց ''անօգուտ բաներով չզբաղիլ ինչպէս արդիական արհեստագիտութեան միջոցները, որոնք եղած են մեր կեանքը դիւրացնելու համար բայց եւ այնպէս յաճախ մեր ուշադրութիւնը կը ներգրաւեն ու մեզ իսկական կարեւոր բաներէ կը հեռացնեն։ Կարեւոր մէկ բաներէն մին է – շարունակեց Քահանայապետը- յիշել թէ մեր Արարիչը մեզի կու տայ կեանք, մեզ կը սիրէ ու մեր ուղեւորութեան կ՛ընկերակցի։


Իսկ վերջին հարցումին պատասխանելով Քահանայապետը ըսաւ ''մենք ընկալեցինք ազատութեան վսեմ պարգեւը։ Սակայն եթէ զայն լաւապէս չ՛օգտագործենք, ան մեզ Աստուծմէ կը հեռացնէ։ Ասոր համար հարկ է ունենալ ուղեգիծ մը, ցուցմունքներ, կանոններ, ըլլայ ընկերութեան եւ ըլլայ Եկեղեցւոյ մէջ, ապրելով մեր մարդկային արժանաւորութեան եւ Աստուծոյ զաւակներու մեր պատկանելիութեան համաձայն։


Սիրելի երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը - ձեր ազատութիւնը չարաչար մի գործածէք։ Ձեզի պարգեւուած` Աստուծոյ զաւակի արժանաւորութիւնը մի կորսնցնէք։ Եթէ Յիսուսին ու Անոր Աւետարանին հետեւիք, ձեր ազատութիւնը կը ծլի եւ պտղատու կը դառնայ։

Միայն Աստուծոյ կամքին յարելով է որ մենք կարող կ՛ըլլանք բարին գործել եւ ըլլալ աշխարհի լոյսը ու երկրին աղը։








All the contents on this site are copyrighted ©.