2014-08-06 09:27:32

ՄԱԿ, ՆԱԹՕ, Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն զինադադարը պահպանելու կոչ կ՛ընեն Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն խոր անհանգստութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութեանց կապակցութեամբ՝ կոչ ընելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութեանց՝ յարգելու զինադադարի մասին համաձայնութիւնը:
Անոր յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ ՄԱԿը կը կիսէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն կողմէ այս կապակցութեամբ արտայայտուած մտահոգութիւնը՝ խոստանալով սատարել տագնապի կարգաւորման միտող Մինսկի խմբակի ջանքերուն:
Պան Քի Մուն «բոլոր կողմերուն» կոչ կ՛ընէ՝ յարգելու հրադադարի մասին համաձայնութիւնը, խուսափելու համար յաւելեալ բռնարարքներէ, ինչպէս նաեւ արագ ու խաղաղ քաղաքական լուծման մը ուղղուած երկխօսութիւնը շարունակելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու պատասխանատուութիւնը ստանձնելու»:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ճեն Փսաքի յատարարեց, թէ Ուաշինկթըն խորապէս անհանգստացած է շփման գիծին վրայ բռնութեան սրումով։ Ան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն՝ կոչ ընելով կողմերուն, որ շուտափոյթ քայլերու ձեռնարկեն լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ եւ յարգեն հրադադարի մասին համաձայնութիւնը:
«Հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Պատասխան քայլերն ու շարունակական բռնութիւնը միայն պիտի բարդացնեն խաղաղ կարգաւորման ձգտումը: Մենք, որպէս Մինսկի խմբակի համանախագահներ, կ՛ուզենք կողմերուն օգնել՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու համար», յայտարարած է Փսաքի:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս անհանգստութիւն յայտնած է ղարաբաղեան հակամարտութան գօտիին վրայ արձանագրուած վերջին բռնարարքներուն կապակցութեամբ:
Բրիտանիա Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ըրած է անյապաղ միջոցառումներու ձեռնարկելու՝ լարուածութեան մեղմացման եւ զինադադարի պահպանման ուղղութեամբ: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղարը յիշեցուցած է, թէ Լոնտոն պատրաստ է Արցախի տագնապին խաղաղ լուծման հասնելու համար՝ գործակցելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին հետ:
Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕի ներկայացուցիչ Ուիլեըմ Լախու եւս յայտարարած է, թէ լարուածութեան աճը սպառնալիք է ոչ միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի ապահովութեան համար: «Կողմերը պէտք է քայլերու ձեռնարկեն՝ ստեղծուած իրավիճակը հարթելու ուղղութեամբ», յայտարարած է ան։
Ըստ անոր՝ ՆԱԹՕն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ միջոցներուն կողմնակից է:








All the contents on this site are copyrighted ©.