2014-08-06 09:45:33

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ .
կորսուած ժամանակին ցաւը


Ամէն մարդ ուրիշին թէ իրեն տրամադրած ժամանակը միշտ շահու կ՛ուզէ վերածել: Շահ ըսելով, պէտք չէ՛ իմանալ ՜՜ միայն նիւթական եկամուտ կամ յափշտակուած որեւէ գանձ, առիթ, իրաւունք կամ այլ տեսակի հարստութիւն՝՝: Ընդհակառակը, զայն պէտք է ըմբռնել դրական իմացումով, այսինքն՝ մսխելու հակառակ առումով, երբ ամէն ինչ դէպի համայնական օգտի ուղղութեան վրայ է:
Ժամանակին անցքը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ անձայն ու անշշուկ: Որովհետեւ անձայն ու անշշուկ անցնող ժամանակին շուքը կարելի՛ է տեսնել, եթէ ուշադիր սեւեռենք մեր նայուածքը անոր վրայ:
Առանց շահի եւ կամ կորսուած ժամանակին հանդէպ գիտակցութիւնը յառաջ կը բերէ մեծ հիասթափութիւն մը, որուն պատճառաւ խորագոյն ցաւով կը տառապի այդ ժամանակը կորսնցուցած մարդը: Կան նաեւ այնպիսի անձեր, որոնք բնաւ այդ գիտակցութեան չեն գար: Այսինքն՝ չեն կրնար հասնիլ այնտեղ, ուր կարենան իսկապէս անդրադառնալ, թէ իրենց սպառած ժամանակը, ուրիշին նուիրած անհաշիւ վայրկեանները պարզապէս անոնց կողմէ շահագործում եղած են, իսկ ինք միայն տուժող մըն է այդ ամբողջ ժամանակին մէջ: Ասիկա մարդու ընկերային կազմաւորման հետ առնչութիւն ունեցող նիւթ մըն է:
Մարդիկ իրարու չեն նմանիր նաեւ այս իմաստով:
Ոմանք սկիզբէն կը ծրագրեն, թէ ընկերային փոխյարաբերական կեանքին մէջ ինչքա՛ն ժամանակ իրենց պիտի վերապահեն եւ ինչքա՛ն ժամանակ ուրիշին պիտի տրամադրեն: Իսկ ուրիշներ այդ ծրագրաւորումը պատահականութեան կը թողուն ու, կեանքի հոսանքին յանձնուելով, թոյլ կու տան, որ կեանքը ի՛նք առաջնորդէ զիրենք:
Առաջին պարագայի շեշտումը որոշ մարդոց մօտ, շրջապատին կողմէ յաճախ կը թարգմանուի իբրեւ անձնասիրութիւն: Այսինքն՝ ան, որ իր ժամանակը տնօրինել գիտէ եւ միայն որոշ ժամեր կը տրամադրէ ուրիշին, անձնասէր կը նկատուի:
Իսկ իր ժամանակը ամբողջութեամբ ուրիշին տրամադրող եւ խո՜ր թմբիրի մէջ եղողները յաճախ «քնաբեր դեղահատեր» պէտք է ընդունին առանց իմանալու, որպէսզի գիտակցութեան լոյս չծագի իրենց միտքին մէջ: Այդ ցաւը անբուժելի է, եթէ անշուշտ գիտակցութեան լոյսով լուսաւորուի ու վերջնականապէս դուրս բերէ «նուիրեալը» իր երկարամեայ թմբիրէն:
Ան այլեւս բնա՛ւ չ՛ունենար անցեալի դէպքերը վերապրելու ընդունակ ջիղեր, մէկ խօսքով, չի՛ կրնար իր սուղ ժամանակը տրամադրել անարժէք որեւէ աշխատանքի կամ ինքնասպառ ծառայութեան: Այնուհետեւ, իր կեանքին դիմաց բացուած նոր ժամանակին ամէն մէկ վայրկեանը կը դառնայ իսկապէս թանկարժէք եւ նոյնիսկ՝ աշխարհի ամէնէն սուղ արժող գոհարին հետ անփոխարինելի: Կորսուած ժամանակը իր ցաւը կը թողու այնպէս, ինչպէս անակնկալ արկածը անջնջելի սպիներ պիտի թողէր մեր մարմինի չյուսացած տեղերուն՝ դէմքի կամ ձեռքերու ամէնէն երեւելի մասերուն վրայ:
Մսխուած ժամանակին համար աւաղելն ալ իմաստ ու նշանակութիւն չունի: Աստուածաշնչեան իմաստութիւնը կը հաստատէ, թէ ամէն ինչի ժամանակը կայ : Գիտնականներու բերնով կ՛ըսուի նաեւ, թէ անջրպետը կրնայ ունենալ բազմաթիւ այլ արեւներ ալ, որոնց շուրջ կրնայ ըլլալ կը դառնան այլ մոլորակներ՝ կենսատու լոյսը ըմպելով: Բոլոր արեւներն ալ սկիզբ ունեցած ըլլալով, բնականաբար, ունին նաեւ իրենց վախճանը: Սակայն, ժամանակը ամբողջութեամբ ուրիշներուն բաշխած ու մսխած մարդը, երբ գիտակցութեան կու գայ, այն ատեն միայն կ՛իմանայ, թէ այդ արեւներէն ոմանք իրենց ներոյժի սպառումին չեն սպասեր մարելու համար, այլ ի՛ր իսկ երկնակամարին վրայ անոնք մար կը մտնեն, յաջորդ առաւօտ չծագելու կտրուկ պայմանադրութեամբ:
Անոնց խօսքը կը ցամքի այլեւս, ու ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կը գործէ լեզուն, որ հրաշագործ կը կարծուէր իր ճկունութեամբ: Որովհետեւ կորսուած ժամանակին ցաւն է, որ կը սկսի բարբառելու անընդհատ, կոտտալով աղեցան վէրքի նմանողութեամբ: Կորսուած ժամանակին ցաւը՝ որդեկորոյս մօր կամ հօր ցաւին նման, մեր մնայուն ընկերակիցը կը դառնայ, մինչեւ մեր մահուան սնարը, որուն մէջ տարածուած պիտի յիշենք, թէ ինչքա՜ն ժամանակ վաճառած ենք այնքան աժան արժէքով…







All the contents on this site are copyrighted ©.