2014-08-06 09:29:27

Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ լարուածութիւնը եւ կրակոցները կը շարունակուին


Երկուշաբթի գիշեր եւ երեքշաբթի առաւօտ ազրպէյճանական կողմը կրկին խախտած է զինադադարը հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն մէջ` օգտագործելով տարբեր տրամաչափերու զէնքեր: Այդ մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Հայաստանի զինեալ ուժերը վստահօրէն կը վերահսկեն իրավիճակը սահմանի ամբողջ երկայնքին, խստօրէն կը հետեւին զինադադարի պահպանման եւ իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդին կողմէ արձանագրուող նպատակային խախտումներու պարագային», ըսուած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին վրայ երկուշաբթի ամբողջ գիշերը կրակոցները չեն դադրած: Ըստ պաշտպանութեան բանակի բանբեր Սենոր Հասրաթեանի, հակառակորդը հետախուզական թափանցման ոչ մէկ փորձ ձեռնարկած է: Հասրաթեան նաեւ հաստատեց 43-ամեայ տասնապետ Արամ Գրիգորեանի զոհուելու մասին լուրը:
4-5 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ հակառակորդը զինադադարը խախտած է շուրջ 400 անգամ: Տարբեր տրամաչափի զէնքերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 6500 կրակոց, կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը վստահօրէն կը վերահսկեն իրենց վստահուած պետական սահմանը եւ անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ են կործանիչ հարուած հասցնելու հակառակորդի որեւէ նախայարձակ գործողութեան», ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Երէկ նաեւ հաղորդուեցաւ, որ սահմանագիծին մօտ վիրաւորուած եւ հիւանդանոց տեղափոխուած է Ազրպէյճանի բանակի ենթասպայ Վալեհ Հոսիեւ: Այդ մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ըստ ազրպէյճանական կողմին, զինուորականը վիրաւորուած է հայկական ստորաբաժանումներու արձակած կրակոցէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.