Արսալի մէջ լիբանանեան բանակի եւ ՏԱՀԵՇԻ միջեւ բուռն բախումները կը շարունակուին
Արսալի մէջ բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բախումները շարունակուեցան չորեքշաբթի,
5 օգոստոս-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին` պատճառելով յաւելեալ զոհեր եւ վիրաւորներ: Երեկոյեան
ժամը 7:00-ին Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին ջանքերով 24 ժամուան մարդասիրական զինադադար
մը հաստատելու կարելիութիւնը իրականութիւն դարձաւ, Արսալէն դուրս բերելու համար վիրաւորները,
ինչպէս նաեւ զինեալներուն հեռացումը ապահովելու համար: Արսալի մէջ Լիբանանեան բանակը
ձերբակալեց նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ Սլէյման Խալետ Ալին, որ ծնած է Քաայի մէջ, 1990-ին: Բանակը
Արսալի մէջ արձանագրեց յառաջխաղացք մը` տիրանալով ռազմավարական յաւելեալ բարձունքներու: Կէսօրուան
բուռն ռմբակոծումներէն եւ բախումներէն ետք Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը յաջողեցաւ հանդարտեցնել
կացութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք նախանցեալ երեկոյեան Արսալ մուտք գործած Իսլամ կրօնաւորներու
խորհուրդի պատուիրակութիւնը կրցաւ դուրս գալ Արսալէն: Երեկոյեան վարչապետ Թամմամ Սալամ
վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, արդարութեան
նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար
Մոհամետ Խէյրի, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդէն պատուիրակութեան մը եւ Արսալի հեղինակութիւններէն
ոմանց հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արսալի մէջ կացութիւնը բարելաւելու
միտումով ի գործ դրուող ջանքերը: