2014-08-06 09:36:20

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նամակ յղած է Ատրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդին


Օգոստոս 5-ին Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նամակ յղած է Կովկասի մահմետականներու վարչութէան նախագահ, Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Շէյխ-էլ-Իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշա Զատէին` կոչ ընելով ջանքեր գործադրելու, որպէսզի երկրի իշխանութիւններուն կողմէ չվտանգուի Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը:
Ամենայն Հայոց Հայրապետի նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
“Սահմանամերձ բնակավայրերու անդադար գնդակոծութիւնը ատրպէյճանական կողմէ, յարձակողական գործողութիւնները, հրադադարի խախտման տեւական փորձերը լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն մեր տարածաշրջանի փխրուն, բայց դժուար ձեռքբերուած խաղաղութեան համար: Մենք խորապէս անհանգստացած ենք լարուած իրավիճակով, որուն հետեւանքով կը զոհուին զինուորներ, կը խաթարուի սահմանամերձ բնակչութեան խաղաղ կեանքը: Աստուածատուր մարդկային կեանքը սուրբ է, իսկ անոր իրաւունքը` սրբազան, եւ ոտնձգութիւնները մարդկային կեանքին հանդէպ անթոյլատրելի են: Սադրանքները եւ մարտական գործողութիւնները չեն կրնար այլընտրանք ըլլալ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ, բանակցային ճանապարհով` համապատասխան միջազգային չափանիշներուն: Հաւատարիմ մնալով Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Գիրիլ Ա-ի միջնորդութեամբ իրականացուող տարածաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմ հանդիպումներու խաղաղարար ոգիին` Մենք կը դիմենք Ձեզ` իբրեւ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ, ջանքեր գործադրելու, որպէսզի Ձեր երկրի իշխանութիւնները, պահելով աւելի շուտ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, պահպանեն հրադադարը եւ իրենց գործունէութեամբ չխափանեն ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ”:








All the contents on this site are copyrighted ©.