2014-08-06 10:51:43

Աղօթքի օր Իրաքի խաղաղութեան համար։


Չորեշաբթի 6 Օգոստոս 2014-ին` ըստ լատինաց եւ Յունաց Պայծարակերպութեան տօնին օրը, Քաղտէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօյի կողմէ հռչակուած է Իրաքի խաղաղութեան համար աղօթքի օր։ Անոր ձայնակցեց եղած է Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդը` Գերապայծառ Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսան, որ իր կարգին 6 Օգոստոսը հռչակած է աղօթքի օր Իրաքի եւ միջին արեւելքի խաղաղութեան համար։

Անգլիոյ եպիսկոպոսները եւս, ընդդառաջելով Պատրիարք Սաքոյի կոչին հաւատացեալներէն խնդրած են աղօթել Իրաքի քրիստոնեաներուն համար, պահանջելով վերջ դնել անոնց դէմ գործադրուած հալածանքին ու մատնանշելով թէ Մսսուլի քրիստոնեաները 2003-ին կը հաշուէյին 60 հազար, մինչ այսօր ոչ մէկ քրիստոնեայ կայ այդ վայրին մէջ եւ թէ առաջին անգամուան համար 1600 տարիէ ետք, Մուսուլին մէջ պատարագ չի մատուցուիր։
Հոլլանտայի եւ Սքանտինավիայի եպիսկոպոսները իրենց կարգին խաղաղութեան կոչ ուղղած են Միջին Արեւելքին համար, մէջբերելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խօսքը. ''բռնութիւնն ու պատերազմը չեն առաջնորդեր դէպի խաղաղութիւն, մինչ ներումը, երկխօսութիւնը, հաշտութիւնը խաղաղութեան խօսքեր են''։

Պելկիայի եպիսկոպոսները եւս զօրակցութեան կոչ ուղղած են ի նպաստ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ յատկապէս իրաքցի եւ սուրիացի քրիստոնեաներուն կազմակերպելով յատուկ դրամահաւաք մը երկրի բոլոր ժողովրդապետութիւններուն մէջ, յառաջիակ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առթիւ։ Աստուածամօր վերափոխման տօնին օրը, կը կարդանք Պելկիայի եպիսկոպոսներու կոչին մէջ, թող մեր բոլորիս սրտէն բխի ջերմ աղօթք մը քրիստոնեայ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.