2014-08-05 12:08:03

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։


Չորեքշաբթի 6 օգոստոսին դարձեալ կը սկսին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի չորքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները որոնք ապա 13 օգոստոսին դադար մը կ՛ արձանագրեն Քահանայապետի Քորէա կատարելիք ճամբորդութեան առթիւ 13 - 18 օգոստոս։
Նշենք թէ Սրբազան Հօր Քորէա կատարելիք առաքելական այցելութիւնը պիտի ունենայ երեք հանգրուան` Ասիայի երիտասարդութեան ցամաքային 6-րդ հաւաքը, Քորէացի 124 Երանելիներու երանացման արարողութիւն եւ խաղաղութեան եւ հաշտութեան Սուրբ Պատարագ։
Իսկ այսօր` 5 օգոստոսի յետմիջօրէին, Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կը հանդիպի Գերմանացի 50 հազար Եկեղեցի սպասաւորող երախաներու որոնք 4էն 8 օգոստոս ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած են։
Մինչ երէկ` 4 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Աւստրալիայի թեմի կղերին եւ հաւատացեալներուն, Սիտնէյի թեմի երբեմնի արքիպիկոպոս` կարտինալ Էտուարտ Պէտէ Քլանսի-ի վախճանման ի լուր՝ որուն մէջ Ան իր ցաւակցութիւնը յայտնեց ապահովելով իր աղօթքը։ ՝՝Կը միանամ ձեր աղօթքներուն, որպէսզի Ողորմութեան Աստուածը ընդունի հանգուցեալին հոգին'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը, գնահատելով հանգուցեալին երկարամեայ եպիսկոպոսական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ անոր հովուական խոհեմ գործունէութիւնը ու յատկաապէս աղքատներու հանդէպ տածած սէրը։
Սրբազան Հայրը հեռագիրը եզրափակեց իր Առաքելական օրհնութիւնը տալով որպէս սփոփանք բոլոր անոնց, որոնք կ՛ողբան Կարտինալին մահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.