2014-08-05 10:49:15

Քրիստոսի հետեւելու պայմանները


Յիսուս տեսնելով մեծ բազմութիւնները, որ իր շուրջն էին, հրամայեց անցնիլ միւս ափը: Դպիր մը մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ. ,Վարդապետ, պիտի հետեւիմ քեզի, ուր որ երթաս: Յիսուս ըսաւ անոր. ,Աղուէսներն իրենց որջերն ունին, երկնքի թռչունները՝ իրենց բոյները, իսկ մարդու Որդին չունի կայքը, ուր գլուխը հանգչեցնէ: Եւ մէկը անոր աշակերտներէն ըսաւ անոր. ,Տէր, թոյլ տուր ինծի, որ երթամ նախ հայրս թաղեմ: Բայց Յիսուս ըսաւ անոր. ,Դուն հետեւէ ինծի եւ թող, որ մեռեալները թաղեն իրենց մեռելները: (Մարկոս 8, 18-22)
Դպիր մը մօտեցաւ Յիսուսին իրեն ըսելով թէ ,պատրաստ եմ քեզի ամէնուրէք հետեւելու: Այս օրերուն շատեր կ'ըսեն թէ մենք կը հետեւինք Յիսուսի եւ իր Եկեղեցւոյ կամ ալ կը փափաքինք Քրիստոսի առաքեալներուն մէջ մտնելու: Յիսուսի ժամանակին խուռներամ ժողովուրդ մը կը հաւաքուէր շուրջը իր խօսքերը մտիկ ընելու կամ զինք տեսնելու:
Այս դարուս մէջ քանիներ կը փափաքին հետեւիլ եւ գործել այդ վսեմ կոչումին եւ սակայն չեն յաջողիր քանի որ չեն իրագործեր իսկական պատճառները կամ պայմանները՝ Յիսուսի աշակերտ ըլլալուն պատիւը: Ամէնքս ներքին փափաք մը ունինք դպիրին թափը ապրելու որ ունեցաւ Քրիստոսի ներկայութեամբ: Մենք ալ իրեն նման երբեմն առանցին եւ յատուկ ձեւով կ'ուզենք մօտենալ իրեն պարզապէս մասնաւոր ուսուցում մը ստանալու Տիրոջմէ: Այդ մարդը չգնաց ժողովուրդին մէջ մտնելու այլ՝ առանձին գնաց որովհետեւ ճշգրիտ եւ յստակ ուսուցում մը, դաստիարակութիւն մը, դաս մը կը փնտռէր, յայտնեց ինչ որ վարարուեցաւ իր սրտին մէջ, կ'ուզեմ քեզի հետեւիլ ամէն տեղ:
Յիսուսի հետեւելու առաջին պայմանն է սրտի թափը ունենալ, Սուրբ Գիրքը խորունկ կերպով ուսումնասիրելէն ետք եւ մանաւանդ Քրիստոսին անձը լաւ ճանչնալէն ետք, այսինքն փափաքը ունենալ միշտ հետը ըլլալու: Խնդրելու ենք Տիրոջմէ որ այս թափը վառէ մեր մէջ ինչպէս նաեւ կարդալու եւ մտածելու եւ Սուրբ Գիրքին բորբոքելու մեր սիրտը:
Երբեմն, կը զգանք մեր խորքին մէջ դիմադրութիւն մը, զղջում մը: Եթէ կարենայի հետեւիլ Տիրոջ հանգստօրէն մնալով իմ տանս մէջ: Եթէ Քրիստոսը չմերժեր իմ փափաքս լսելու եւ հետեւելու իրեն... Ցաւին ու գէշին ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ որ մեզ տարակոյսին մէջ կը ձգէ: Ես տկար եմ. նոյնիսկ Աստուծոյ այգին մէջ մտնելու՝ տկար բաղձանք մըն է եւ դանդաչուն: Շատ մը բաներ դեռ կը մեղադրեմ իմ եւ Յիսուսի միջեւ, ինչպէս ատելութիւն, եւ մանաւանդ անձեր որոնք գրաւած են այն տեղը որ Աստուծոյ վերապահած եմ:
Յիսուս աշակերտին ըսաւ, ձգէ մեռեալները թող թաղեն իրենց մեռելները: Արդե՞օք պէտք չենք ապաւինիլ այն հանգստութեան որ քրիստոնէական կեանքը ինծի կը շնորհէ: Այս է իսկական դասը հետեւելու Քրիստոսի, այսինքն ամէն ինչ ձգելով՝ ծնողք, տուն, հարստութիւն, պարզապէս իսկական հանգստութիւնը գտնելու Քրիստոս կոչման մէջ:
Հակառակ մեր տկարութեան, օրը օրին Տէրը մեզի կու տայ ուժը այս տենչը՝ հետեւելու, հրաժարելու իմ անձնասիրութենէս, ընդունելու Աստուածային վստահութիւնը որ ինծի մարդկային ապահովութիւն կը շնորհէ կեանքիս բոլոր օրերուն:
Ո՜վ Յիսուս, իմ մէջս լուսաւորէ քեզի հետեւելու, այդ իղձը, մաքրէ եւ զօրացուր իմ սիրտս: Ինքզինքս բոլորովին քեզի կը յանձնեմ, ամէն ինչ պիտի ձգեմ քեզի հետեւելու եւ յատկապէս հետդ մնալու համար: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.