2014-08-05 13:16:40

Փութին պիտի խորհրդակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը կը ջանայ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերը փաստաթուղթ մը վաւերացնեն՝ հիմնուած Արցախի տագնապի կարգաւորման քաղաքական սկզբունքներուն վրայ. այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Անհանգստացուցիչ է այն, որ տեղի կ՛ունենայ այսպէս կոչուած՝ շփման գիծին վրայ: Կողմերը զիրար կը մեղադրեն, ինչպէս պատահած է նախապէս, եւ ցաւօք, մենք արդէն իսկ երկար տարիներ է որ պարբերաբար նման բռնկումներու ականատես կը դառնանք, սակայն այս անգամ անիկա աւելի սուր է: Շատ զոհեր արձանագրուած են եւ մենք, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ՝ Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի հետ, կողմերուն կոչ կ՛ընենք առաւելագոյն զսպուածութիւնը ցուցաբերելու եւ չարտօնելու այնպիսի գործողութիւններ, որոնք կը յանգեցնեն բռնութեան հերթական դրսեւորման», ըսած է Լաւրով:
Ան նշած է նաեւ, որ այս շաբթուան վերջաւորութեան Սոչիի մէջ նախատեսուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ հանդիպումը, որուն ընթացքին պիտի քննուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը:
«Մենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մեր գործընկերներուն հետ պիտի քննարկենք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել մեր կողմէ եւ Մինսկի խմբակին կողմէ՝ ամրապնդելու համար վստահութիւնն ու նուազեցնելու համար շփման գիծին վրայ կատարուած առճակատումը», ըսած է Լաւրով:








All the contents on this site are copyrighted ©.