2014-08-05 08:58:15

Պօղոս Զ Քահանայապետին մահուան 36-րդ տարելիցը։


Չորեքշաբթի 6 Օգոստոսին կը նշուի Պօղոս Զ Քահանայապետին մահուան 36-րդ տարելիցը։ Այս առթիւ Կարտինալ Ռէ` երբեմնի կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին, յետշիջօրէի ժամը 5-ին, հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցէ ս. Պետրոս տաճարի աւագ խորանին վրայ, ի պատրաստութիւն Պօղոս Զ Քահանայապետի երանացման, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 19 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ։
Այս տարի կը նշուի նաեւ Պօղոս Զ Քահանայապետի հրապարակած` ''Ecclesiam Suam'' տիտղոս կրող առաջին շրջաբերական թուղթին 50-րդ տարեդարձը նուիրուած Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու յատկապէս Եկեղեցւոյ այժմէականութեան եւ իր առաքելութիւնը իրագործելու ուղիին։ Շրջաբերական թուղթը հրապարակուած է 6 Օգոստոս 1964-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.