2014-08-05 09:55:35

ՄԱԿ-ի գլխաւոր Քարտուղարը ԼՂ հակամարտող կողմերուն հրադադարը յարգելու կոչ կ’ուղղէ։


ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Գի Մունը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղած է իրականացնելու համաձայնութիւնները հրադադարի վերաբերեալ, եւ զերծ մնալու բռնութենէ: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով “ՌԻԱ Նովըստի”-ն:
“Պան Գի Մունը բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղէ յարգելու հրադադարի համաձայնագիրը եւ զերծ մնալու յետագայ բռնութենէն, շարունակելու երկխօսութիւնը` շուտ հասնելու համար խաղաղ քաղաքական կարգաւորման”,- ըսուած է ՄԱԿ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Համաձայն փաստաթուղթին` Գլխաւոր քարտուղարը լիակատար աջակցութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին, կիսելով անոր մտահոգութիւնը` հակամարտութեան գօտիին վրայ վերջին օրերուն իրավիճակի սրման առնչութեամբ:
Յիշեցնենք, որ վերջին օրերուն հրադադարը բազմիցս խախտուած է: ԼՂՀ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` վերջին օրերուն զոհուած է 25 ատրպէյճանցի եւ հինգ հայ զինուորական ծառայող:








All the contents on this site are copyrighted ©.