2014-08-05 09:59:15

Լիպիոյ առաքելական տեղապահը մտադիր է Թրիփոլի մնալ որքան որ քրիստոնեայ մը կ՛ապրի այդ հողին վրայ։


Լիպիոյ քրիստոնեայ համայնքը գրեթէ ոչնչացած է է։

Պատասխանելով մամուլի մէկ հարցումին, Լիպիոյ առաքելական տեղապահը` գերապայծառ Ճովաննի Իննոչէնցօ Մարթինէլլի ըսած է որ մտադիր է Թրիփոլի մնալ որքան որ քրիստոնեայ կայ այդ հողին վրայ։ Առաջնորդը կը հաստատէ որ երկրի քրիստոնեայ հասարակութիւնը գրեթէ ոչինչի վերածուած է, եղբայրասպան ընդհարումներու պատճառաւ։ Լիպիան Քատտաֆիի վարչաձեւի անկումէն ետք շատ դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուի։ Քաղաքազօրք ջոկատները իրարու դէմ կը պայքարին տէր դառնալու երկրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.