2014-08-04 08:36:51

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ աղքատներուն հոգալ :


Կիրակի, 3 օգոստոս 2014-ի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ:
Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները ուր կը խօսուի հացի եւ ձուկերու բազմացումի հրաշքի մասին։ Մատթ. 14, 13-21

Յիսուս հրամայեց որ բազմութիւնը նստեցնեն խոտին վրայ: Հինգ նկանակներն ու երկու ձուկերը առաւ, դէպի երկինք նայելով` օրհնեց, եւ կտրելով նկանակները` տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ` բազմութեան:
Բոլորը կերան ու կշտացան, եւ վերցնելով աւելցած բեկորները` տասներկու կողով լեցուցին:

Այս աւետարանական հատուածը մեզի ցոյց կու տայ երեք ուղիներ՝ ողորմութիւն, բաժնեկցութիւն եւ Սուրբ Հաղորդութիւն որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն եղբայրութեան զգացումով դիմագրաւելու այժմէական աշխարհը։
Յիսուս մեր հետ ու մեզի համար կը տառապի ու մեզի կը սորվեցնէ աղքատներու կարիքները դնել անձնական կարիքներէն առաջ։ Մենք յաճախ կը խօսինք աղքատներու մասին սակայն երբ անդրադառնանք թէ այս ինչ մարդը կամ կինը կամ մանուկը ապրելու անհրաժեշտ միջոցները չունին մեր աչքերը այլուր կը սեւերենք որպէսզի չտեսնենք մեր եղբայրներուն մտահոգութիւնները։ Այս վարուելակերպը Յիսուսինը չէ։ Այդ հազուաթիւ հացերն ու ձուկերը, բաժնուած եւ օրհնուած Աստուծմէ, բաւարար եղան բոլորը կերակրելու. կախարդական դէպք մը չէ այլ նշան մը։ Նշան մը որ մեզ կը հրաւիրէ հաւատալու Աստուծոյ, հոգատար Հայր մը որ մեր առօրեայ հացը երբեք չի պակսեցներ, երբ մենք զայն կը բաժնեկցինք մեր եղբայրակիցներուն հետ։ Ով որ Սուրբ Հաղորդութեան կը մօտենայ առանց Յիսուսի զգացումներուն, այսինքն ողորմութեան եւ կարիքաւորներուն հետ բաժնեկցելու զգացումներով Յիսուսի հետ հաշտ չի կրնար ըլլալ։
Ողորմածութիւն, բաժնեկցութիւն եւ Սուրբ Հաղորդութիւն, այս է ճանապարհը որ մեզ կ՛առաջնորդէ եղբայրական հոգիով դիմագրաւելու այս աշխարհի կարիքաւորներուն պիտոյքները, եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն յատուկէն ողջունելով ԱՃԷշիի սկաուտական եւրոպական շարժումի անդամները, անոնց միջազգային տասերորդ հաւաքի առթիւ որ տեղի կ՛ունենայ Նորմանտիա մինչեւ տասը օգոստոս եւ որուն կը մասնակցին քսան երկիրներէ ժամանած տասներկու հազար պատանիներ, առաջին աշխարհամարտի 100-րդ տարեդարձի առթիւ։ Դուք ըսաւ Քահանայապետը այս աշխարհի մէջ հանդիսատեսներ չէք այլ դերակատարներ ու զանոնք հրաւիրեց աղօթել Եւրոպայի խաղաղութեան համար եւ վախ չունենալ քրիստոնէական արժէքները պաշտպանելու ու անոնց յանձնեց Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ պատգամը գացէք, առանց վախի սպասարկելու, անոնց վստահեցնելով, թէ իրենց այս ճանապարհին ուղեկից եւ դիկունք է Եկեղեցին իր սիրով, որ է Մայր եւ կանչուած են սիրել եւ ծառայել երիտասարդներու իւրայատուկ ուրախութեամբ եւ վեհանձնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.