2014-08-04 10:33:23

Փութին ու Օպամա քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը


Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 1 օգոստոսի երեկոյեան հեռաձայնած է իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինին` Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը քննարկելու համար: Երկու երկիրներու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակած են Ուքրանիոյ մէջ տիրող ճգնաժամին վերաբերեալ:
«Հակառակ շարք մը սկզբունքային հարցերու շուրջ գնահատականներուն մէջ գոյութիւն ունեցող զգալի տարբերութիւններուն, կողմերը ընդգծած են Ուքրանիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ մարտական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցնելու եւ քաղաքական հոլովոյթի սկսելու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Այս կապակցութեամբ դրական գնահատական տրուած է Մինսքի մէջ տեղի ունեցած կապի խմբակի խորհրդակցութիւններուն, ընդգծուած է նման ձեւաչափով բանակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Փութինը Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցներու սահմանումը «հակաարդիւնաւէտ» նկատած է: Ըստ անոր, «այդպիսի քաղաքականութիւնը լուրջ վնաս կը հասցնէ ընդհանուր առմամբ երկկողմ համագործակցութեան եւ միջազգային կայունութեան»:







All the contents on this site are copyrighted ©.