2014-08-04 09:18:45

Սուտանցի Տիկին Մարիամ եւ անոր ընտանիքը հասած են Միացեալ Նահանգներ


27 տարեկան, քրիսոտնէութիւն ընդունած Մարիամ Իպրահիմ սուտանցի կինը որ վերջերս ընտանիքին հետ միասին Սուտանէն մեկնած էր Հռոմ, ուր հանդիպում ունեցած էր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, հասած է Միացեալ Նահանգներ եւ հոն Տիկին Մարիամին ողջունած է Ֆիլատելֆիոյ քաղաքապետը` զայն անուանելով «ազատութեան յառաջամարտիկը` աշխարհի մակարդակով»:
Սուտանցի կինը եւ իր ընտանիքը պիտի հաստատուին Միացեալ Նահանգներու Մանչեսթր քաղաքին մէջ, ուր սուտանցիներու 500 հոգինոց համայնք գոյութիւն ունի:
Տիկին Մարիամ 2011-ին ամուսնացած է հարաւային սուտանցի քրիստոնեայի մը հետ, որ փոխած է իր կրօնը, եւ որուն պատճառով բանտարկուած էր, բանտարկութեան խրջանին ան լոյս աշխարհ բերած է իր զաւակը: Յունիսին Տիկին Մարիամ անգամ մը եւս դատապարտուած էր մահուան: Սակայն հետագային անոր ընտանիքը ապաստան գտած էր Խարթումի՝ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.