2014-08-04 10:43:15

Դարձեալ կրակոցներ սահմանագծին. հայկական կողմը կորուստներ չունի.


Ղարաբաղ-ատրպէյճանական սահմանագծին լարուածութիւնը կը շարունակուի: Այս մասին NEWS.am-ին ըսած է պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Ընդհանուր լարուած է, կրակոցներ են եղել, բարեբախտաբար հայկական կողմը զոհեր ու վիրաւորներ չունի»,- ըսած է ան:
Վերջին օրերուն ատրպէյճանական ստորաբաժանումները տուած են առնուազն 25 զոհ եւ 30 վիրաւոր: Նոյն ժամանակահատուածին հայկական կողմի կորուստներու թիւը կազմած է 5 զոհ, 7 վիրաւոր:








All the contents on this site are copyrighted ©.