Սիրիլանքայի եկեղեցին կը յուսայ որ տեղական բաժանումները յաղթահարուին ֆրանչիսկոս Քահանայապետի
այցելութեամբ ։
Սիրիլանքայի Քոլոմպօ թեմի առաջնորդը կարտինալ Մալքոլմ Ռանժիդ յոյս յայտնած է որ ֆրանչիսկոս
Քահանայապետի առաքելական այցելութիւնը (12-15 Յունուար 2015) սատարէ Չինկալացի եւ Թամուլ
ցեղախումբերու հաշտութեան։ ''Անոնք երկար տարիներէ ընդհարումի մէջ են'' յայտնած է Կարտինալը,
որուն գնահատումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այցելութիւնը պիտի նպաստէ կլոր սեղան նստելու
եւ խօսելու խաղաղութեան ու հաշտութեան մասին, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն հաստատելու կառավարութեան
հետ։