2014-08-02 08:39:19

Պաղեստինեան դիմադրութիւնը Իսրայէլացի 2-րդ զինուոր մը գերեվարեց. Իսրայէլ կ՛արկախէ Գահիրէի բանակցութիւնները։


Եգիպտոս երէկ յայտնեց, որ չի կրնար իսրայէլեան եւ պաղեստինեան կողմերուն միջեւ Գահիրէի մէջ բանակցութեանց պատուիրակութիւնները հիւրընկալել, որովհետեւ պաղեստինեան դիմադրութեան կողմէ իսրայէլացի զինուորի մը գերեվարումէն ետք Իսրայէլ հաղորդած է, որ կը մերժէ բանակցութեանց մասնակցիլ:
Իսրայէլ Եգիպտոսը տեղեակ պահած է, որ իսլայէլացի ողջ զինուոր մը կորսուած է եւ կը գտնուի պաղեստինեան խմբաւորումներէն մէկուն մօտ: Իսրայէլ Պաղեստինեան իշխանութենէն պահանջեց զինադադարի հաստատման շուրջ որեւէ բանակցութենէ առաջ գերեվարուած իսրայէլացի զինուորը վերադարձնել:
Այս զարգացումները տեղի ունեցան Կազայի մէջ մարդասիրական նպատակներով եւ 72 ժամուան տեւողութեան զինադադարի ուժի մէջ մտնելէն քանի մը ժամ ետք: Զինադադարը ժամը 07:00-ին ուժի մէջ մտնելէ ետք քանի մը անգամ խզուեցաւ Իսրայէլի կողմէ:
Իսրայէլ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթի հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Ռոպըրթ Սիրիի յայտնեց, որ ինք առնչակից չէ ՄԱԿ-ի պահանջած 72 ժամուան զինադադարին: Սակայն Համասի բանբեր Մուսա Ապու Մարզուք յայտարարեց, որ իսրայէլացի զինուորը գերեվարուած է զինադադարին ուժի մէջ մտնելէն առաջ: Նշենք, որ ՄԱԿ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած էին, որ Իսրայէլ եւ պաղեստինեան խմբաւորումները առանց նախապայմաններու համաձայնած են հաստատելու 72 ժամ տեւողութեան մարդասիրական զինադադար մը, որ երկարաձգելի է:
Յիշեցնենք, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը նախապէս եւս իսրայէլացի զինուոր մը գերեվարած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.