2014-08-02 09:07:07

Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը 3 միլիոն 9.8 հազար է։


ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային վիճակագրական ծառայութեան կողմէ 31 Յուլիսին հրապարակուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ 1 Յուլիսի դրութեամբ քաղաքային բնակչութեան թիւը կազմած է 1 միլիոն 911.9 հազար, գիւղականը՝ 1 միլիոն 97.9 հազար մարդ: Հայաստանի բնակչութեան 1 միլիոն 69 հազարը կ՛ապրի Երեւանի մէջ:
1 Յունուար 2014ին հետ բաղդատելով՝ 1 Յուլիսի դրութեամբ Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը նուազած է շուրջ 7.3 հազարով. այս թիւի նահանջին պատճառը գաղթն ու բնական աճին ոչ բաւարար ցուցանիշն է։
Յունուար 1ի դրութեամբ Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը 3 միլիոն 17.1 հազար մարդ է:
Այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ ծնածներու թիւը 1.3 անգամով գերազանցած է մահացութեան դէպքերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.