10 “Ուշադի՛ր եղէք որ չարհամարհէք այս պզտիկներէն մէկը. քանի որ կ'ըսեմ ձեզի թէ
երկինքի մէջ անոնց հրեշտակները ամէն ատեն կը տեսնեն երեսը իմ Հօրս` որ երկինքն է: 11
Որովհետեւ մարդու Որդին եկաւ կորսուա՛ծը փրկելու: 12 Ի՞նչ է ձեր կարծիքը. եթէ մարդ
մը ունենայ հարիւր ոչխար եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունինը [ոչխարները] *լեռները չի՞
թողուր ու`` երթար` փնտռելու մոլորածը: 13 Եթէ *պատահի որ գտնէ զայն, ճշմա՛րտապէս
կը յայտարարեմ ձեզի թէ աւելի՛ կ'ուրախանայ անոր համար, քան իննսունիննին` որոնք մոլորած
չէին: 14 Ա՛յսպէս` ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէ՛կը կորսուի”: