2014-08-02 08:56:51

Եօթներու խմբակը համաշխարհային դրամատան պիտի արգիլէ ֆինանսաւորել Ռուսիան


«Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ Եօթներու խմբակի երկիրները` Բրիտանիան, Գերմանիան, Իտալիան, Քանատան, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ճափոնը դէմ արտայայտուած են Համաշխարհային դրամատան կողմէ Ռուսիոյ մէջ նոր նախագիծերու ֆինանսաւորման:
Lenta.ru կը հաղորդէ, որ այդ որոշումը որդեգրուած է Եօթներու խմբակի անդամ երկիրներու ելեւմուտքի նախարարներուն կողմէ` անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հեռախօսային ժողովի ընթացքին:
Ներկայիս Համաշխարհային դրամատունը կը քննարկէ ֆինանսաւորման հարցը Ռուսիոյ մէջ ընդհանուր առմամբ 1.34 միլիառ տոլարի 9 նախագիծերու, որոնց շարքին նախադպրոցական կրթութեան եւ ուժանիւթային արդիւնաւէտութեան բարձրացման մարզերուն մէջ: Տասը այլ նախագիծեր իրագործման հանգրուանի մէջ են:
«Պլումպըրկ» կը նշէ, որ Եօթներու խմբակի անդամ երկիրները Համաշխարհային դրամատան մէջ ունին ձայներու աւելի քան 40 առ հարիւրը, եւ այդ ձեւով կրնան արգելափակել տնօրէններու խորհուրդին կողմէ որոշումներու կայացումը:
Եւրոպական խորհուրդը հինգշաբթի օր որոշած էր Ռուսիոյ դէմ ըստ մարզերու պատժամիջոցներ կիրարկել: Եւրոպական Միութիւնը սահմանափակած էր քարիւղի արդիւնաբերման համար անհրաժեշտ սարքաւորումներու արտածումը, արգիլած էր ռուսական դրամատուներու կողմէ Եւրոպայի մէջ արժեթուղթեր վաճառքը: Արգիլուած էր նաեւ զէնքի, սարքաւորումներու, ելեկտրոնային եւ կրկնակի նշանակութիւն ունեցող ապրանքներու արտածումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.