2014-08-02 09:30:10

Ափրիկէի Կաթողիկէ մամուլի միութեան հաւաք, Մալիի մէջ։


Մալիի Պամաքօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ափրիկէի Կաթողիկէ մամուլի միութեան հաւաքը, որուն աշխատանքները փակուեցան 30 Յուլիս 2014ին, ունենալով որպէս բնաբան. ''Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները, Ափրիկէի մէջ խաղաղութեան ու երկխօսութեան դերակատար''։
Բացման զեկոյցին մէջ Մալիի կրօնական հարցերու նախարարը` հրաւիրեց կաթողիկէ լրագրողները ըլլալու բանբերները քրիստոնէական հաւատքին եւ պատգամաբերները խաղաղութեան։ ''Տարածեցէք տեղեկութիւններ որ կը նպաստեն ամրապնդելու ընկերութեան ցանցը ու պահպանելու ազգային միութիւնը'' – ըսաւ Նախարարը։
Պամաքոյի առաջնորդը` գերապայծառ Ժան Զերպօ ընդգծեց. հեշտ է նկարագրել քաղաքական ընդհարումը, սակայն երբ անոր կը խառնուին ցեղային եւ կրօնական տագնապներ, տեղեկութիւնը կարող է դառնալ աղէտալի։ Այս պատճառով ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցները հրաւիրուած են պատասխանատուութեան ոգիով հաղորդելու եղելութիւնները։
Հուսկ Ափրիկէի Կաթողիկէ մամուլի միութեան նախագահը` Ալէքսանտր Լէ Կրան Ռուամպա մատնանշեց որ կաթողիկէ մամուլը պէտք է ըլլայ ի սպաս հաւատքի ու աւետարանութեան, կեանքի ու ազատութեան, խաղաղութեան ու բարրօրութեան, զօրակցութեան ու առաքինութեան։
Բացի Ափրիկէի Կաթողիկէ մամուլի միութեան, աշխատանքներուն նպաստեցին Մալիի կաթողիկէ լրագրողներու ընկերակցութիւնը եւ տեղական Կաթողիկէ Համալսարանը։ Աշխատանքներուն մասնակցեցան 14 Ափրիկեան երկիրներու ֆրանսախօս եւ անգլիախօս թէ քրիստոնեայ թէ մահմետական, լրագրողներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.