2014-08-02 09:03:11

Ատրպէյճանի ՊՆ-ն հաղորդած է 9 սպաննուած եւ 5 վիրաւոր զինուորական ծառայողի մասին


Ատրպէյճանը կը Շարունակէ Հրապարակել Երէկ Զոհուած Ատրպէյճանցի Զինուորական Ծառայողներուն Անունները:
Վկայակոչելով ատրպէյճանական ԱՊԱ գործակալութիւնը՝ Tert.am-ը կը նշէ, թէ մահացած է նաեւ վիրաւորուած հինգ զինուորական ծառայողներէն մէկը:
Նախապէս ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած էին ութ զոհի մասին:
Յիշեցնենք, որ երէկ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր, որ հակառակորդը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին ուղղութեամբ յարձակում ձեռնարկած է:
Դիրքապահ անձնակազմի կողմէ հանդիպելով կազմակերպուած դիմադրութեան` հակառակորդը, կրելով բազմաթիւ կորուստներ, ետ շպրտուած է ելման դիրքեր:
Հայկական կողմը երէկ յայտարարած էր ՊԲ երկու զինուորական ծառայողի զոհուելու մասին:
ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակը այսօր հրապարակած է ատրպէյճանցի յարձակողներէն առգրաւուած զէնքերուն մէկ մասին լուսանկարները` ի պատասխան ատրպէյճանական կողմի հերքման:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ 2014ի սկիզբէն մինչեւ օրս ատրպէյճանական բանակին մէջ մահացած է 62 զինուոր, որոնցմէ 42ը մեռած է ոչ մարտական պայմաններու մէջ, 102 զինուոր ալ վիրաւորուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.