2014-07-31 12:31:20

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ալպանիայ կատարելիք առաքելական այցելութեան յայտագիրը` 21 սեպտեմբերին։


Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այսօր` Հինգշաբթի, 31 յուլիսին, հրատարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, յառաջիկայ 21 սեպտեմբեր 2014-ին, Ալպանիայի մայրաքաղաք Թիրանա` կատարելիք միօրեայ առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։

Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն կը մեկնի առաւօտեան ժամը 7.30-ին եւ Թիրանայի ''Մայր Թերեզա'' միջազգային օդակայան կը ժամանէ 9-ին, տեղական ժամով, ուր զինք կը դիմաւորէ Ալպանիայի վարչապետը` Էտի Ռաման։
Ժամը 9,30-ին նախագահական պալատի շրջափակին մէջ տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը ու ապա հանդիպում` Ալպանիայի նախագահին հետ։
Ժամը 10-ին, միշտ նախագահական պալատին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հանդիպի երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը, ապա ժամը 11-ին ''Մայր Թերեզա'' հրապարակի վրայ կը նախագահէ սուրբ պատարագի արարողութեան, որուն աւարտին նոյն վայրէն կ՛արտասանէ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։
Ժամը 13,30-ին Սրբազան Հայրը սիրոյ սեղանը կը բաժնեկցի Ալպանացի եպիսկոպոսներուն եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն հետ, Թիրանայի առաքելական նուիրակութեան մէջ։
Յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Նորին Սրբութիւնը, ''Բարի Խորհուրդի Տիրամօր'' անուամբ կաթողիկէ համասարանին մէջ, հանդիպում կ՛ունենայ այլ կրօններու եւ այլ դաւանանքներու պատասխանատուներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը, հուսկ ժամը 17-ին կը հանդիսապետէ ժամասացութեան արարողութիւնը, տեղական կղերի, կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիներու, նորընծաներու եւ աշխարհական շարժումներու անդմաներու մասնակցութեամբ, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը իր սրտի խօսքը կ՛ուղղէ ներկաներուն։
Ժամը 18,30-ին, Սրբազան Քահանայապետը կ՛ացյելէ ''Պեթանիա'' բարեսիրական կեդրոնը, հանդիպելով այնտեղ խնամուած մանուկներուն եւ Ալպանիայի այլ բարեսիրական կեդրոններու պատասխանատուներուն։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հօր Ալպանիա կատարած միօրեայ այցելութիւնը վերջ կը գտնէ երեկոյեան ժամը 19,45-ին, հրաժեշտի արարողութեամբ, որ տեղի կ՛ունենայ Թիրանայի ''Մայր Թերեզա'' միջազգային օդակայանին մէջ, եւ որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կը բարձրանայ օդանաւ եւ կ՛ուղղուի դէպի Հռոմ` ուր կը ժամանէ երեկոյեան ժամը 21,30-ին, Չամփինօ օդակայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.