2014-07-31 11:44:37

Հարաւային Ափրիկէի սատարն ու զօրակցութիւնը Երուսաղէմի Լատիններու պատրիարքին Միջին Արեւելքի կացութեան ի տես։


Հարաւային Ափրիկէի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու դասը, 24 Յուլիս 2014-ին, նամակ մը յղած է Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալին, Անոր յայտնելու իրենց սատարն ու զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորապէս Կազայի քրիստոնեաներուն։
Հարաւային Ափրիկէի եկեղեցին, կը կարդանք նամակին մէջ, իր աղօթքը կը բարձրացնէ Ամենակալ Տիրոջ որպէսզի արդար եւ մնայուն խաղաղութիւն հաստատէ այդ աշխարհամասին մէջ։
Յայտնենք որ Հարաւային Ափրիկէի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու դասը անցեալ Յունուարին ուխտագնացութիւն կատարած էր դէպի Ս. Երկիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.