Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած հնագոյն կօշիկը կ’ապշեցնէ ճանապարհորդները։
Հնագոյն Կովկասի մէջ ճամբորդելու ժամանակ պատրաստ եղէք անակնկալներու: Այս մասին ըստ
News.am-ի, աւստրալական «The Age» պարբերականի մէջ կը գրէ Կովկասի երկիրներ այցելած Իզապէլ
Քինկը: «Ես կը դիտեմ Երեւանի Պատմութեան թանգարանի մէջ ցուցադրուած չորցած հնագոյն
կօշիկը եւ դարցեալ կը նայիմ, որպէսզի ստուգեմ թուականը. Ք.ա. 3.500 թուական: Կը հաշուեմ.
այդ 5.500 տարիէն աւելի է: Ես ցնցուած եմ նոր տեսք ունեցող կաւէ անօթներէ, որոնք 4.000
տարեկան են, ինչպէս նաեւ Սեւանայ լիճի ափերուն յայտնաբերուած անիւներէն: Սակայն կաշիիի
մէկ կտորէ կարուած այդ փոքրիկ կօշիկը ապշեցուց զիս: Այդ յստակ կը յիշեցնէ այն մասին,
թէ որքան հին, բայց համեմատաբար քիչ յայտնի է աշխարհի այդ հատուածը»,- գրած է յօդուածի
հեղինակը: