2014-07-29 13:24:14

ֆրանսական Եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւնը Իրաք կ'այցելէ:


''Քրիստոնեաներու նկատմամբ անտարբերութիւն''

ֆրանսայի Եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւնը երեքշաբթի, 28 Յուլիս 2014-ին, Իրաք հասաւ յայտնելու իր զօրակցութիւնը հանդէպ քրիստոնեաներուն, որոնց ներկայութիւնը սպառնալիքի տակ է, հակառակ որ անոնք 2000 տարիէ այդ հողին վրայ բնակութիւն հաստատած են։ Մուսուլ քաղաքը, որ միշտ եղած է օրրանը քրիստոնեաներուն բոլորվին պարպուած է քրիստոնեաներէն, քանի ծայրայեղ մահմետականները անոնց պարտադրած են իրենց տուներէն հեռանալ։
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիոնի թեմի առաջնորդը կարտինալ ֆիլիփ Պարպէրէն։ Պատուիրակութիւնը Իրաք կեցութեան ընթացքին տեսակցութիւն կ՛ ունենայ Քաղտէացիներու պատրիարք գերեջանիկ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Ա.ին հետ։ Կարտինալին Պարպէրէնի գնահատումով շատ քիչ կը խօսուի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու կրած հալածանքին մասին, մինչ մամուլը մշտատեւ կը պատկերասփռէ Կազայի դէմ տարուած ռմբակոծումները, անտեսելով Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներու դժոխային կեանքը։ Մեր այս այցելութեամբ Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կ'ուզենք յայտնել մեր զօրակցութիւնն ու սէրը – ըսած է Կարտինալը։








All the contents on this site are copyrighted ©.