2014-07-29 08:36:21

Վիվա պարբերաթերթը հրապարակեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ ունեցած մտերմիկ խօսակցութիւնը։


Քլարին Արժանթինեան մամուլի պատկան` Վիվա պարբերաթերթը, 27 Յուլիս 2014-ին, հրապարակեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ ունեցած մտերմիկ մէկ խօսակցութիւնը, Սրբազան Հօր քահանայապետութեան 500-րդ օրուան առիթով։
Պարբերաթերթը մասնաւորապէս արձագանգեց Սրբազան Քահանայապետին ապրած յոյզերը, յաչս բռնութեան ու պատերազմի սաստկութեան, երիտասարդներու գործազրկութեան, ինչպէս նաեւ մօտ ապագայի հրապարակելիք բնութեան պահպանումին հայող շրջաբերական թուղթին։
Զրոյցի ընթացքին Քահանայապետը խօսեցաւ նաեւ ընտանիքի պաշտպանութեան մասին, ու տուաւ իր մէկ խորհուրդը երջանիկ ապրելու համար։ Երջանկութեան նախապայմանները, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ինքզինք նուիրելն է ուրիշներուն, տարեցներու նման շարժիլ բարեացակամութեամբ ու խոնհարութեամբ, մանուկներու հետ խաղալ, կիրակին անցնել ընտանիքին հետ, երիտասարդներուն գործ հայթայթել, բնութիւնը պահպանել, շուտով մոռնալ այն ինչ որ ժխտական է, յարգել ան որ այլապէս կը մտածէ, զգուշանալով կրօնական մարդորսորդութենէն եւ նախընտրել երկխօսութիւնը ու հետամուտ ըլլալ խաղաղութեան։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդգծելէ ետք որ ''պատերազմը կը կործանէ'' յայտնեց իր նախասիրութիւնը ''խաղաղութեան պոռչտուքին''։ Խօսելով նոպէլեան մրցանակի մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւթէ ինք անձնապէս միշտ մերժած է ընդունիլ պատւոյ տօքթորաներ, կամ մրցանակներ եւ թէ ամէն անհատ կանչուած է գործելու խաղաղութեան ի սպաս։ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով ապա գաղթականութեան մասին, հաստատեց թէ . ''Եւրոպան վախկոտ է'' եւ ողջունեց Շուետի վերջին տարիներուն կեցուածքը, իր հողին վրայ ընդունելով 800 հազար փախստականներ, հակառակ որ անոր բնակչութիւնը կը հաշուէ շուրջ 9,5 միլիոն բնակիչ։ Իր խօսակցութիւնը եզրափակելով Սրբազան Հայրը ցաւ յայտնեց հեռուստատեսիլի գերիշխող ներկայութեան օճախներէն ներս։ Սեղան նստիլ հեռուստատեսիլի ներկայութեամբ արգելք է խօսակցութեան – նկատել տուաւ Քահանայապետը։







All the contents on this site are copyrighted ©.