2014-07-29 11:06:15

Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Խաչիկ Գույումճեանի։


Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Կիրակի, 27 յուլիս 2014, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պէյրութի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Խաչիկ կիս. Գույումճեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը առընթերակայութեամբ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի:


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ սարկաւագին յատկութիւններուն Եկեղեցւոյ դասին մէջ: Ան այս առիթով յիշեց ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու կրած հալածանքներն ու մեծ դժուարութիւնները, աղօթելով առ Աստուած, որ տարածաշրջանի բուռն խռովութիւնները դադրին, եւ վերջապէս խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն տիրէ Միջին Արեւելքի տառապեալ երկիրներուն մէջ:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ Խաչիկ սարկաւագն ու ընտանիքը ընդունեցին շնորհաւորութիւնները եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը սրտանց կը շնորհաւորէ Տէր Խաչիկ Սրկ. Գույումճեանը անոր մաղթելով բեղուն առաքելութիւն եւ պտղաբեր աշխատանք ի սպաս Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.