2014-07-28 08:18:56

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ կոչը պատերազմները դադրեցնելու:


''Կանգ առէք, խնդրեմ։ Սրտի խորքէն կը պահանջեմ զայն։ Ժամանակն է կանգ առնելու։

Կիրակի, 27 Յուլիս 2014-ի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ:

Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Աստուծոյ Արքայութեան մասին զոր Յիսուս, առակներու ընդմէջէն, կը ներկայացնէ որպէս թանկարժէք գանձ մը որ աւելի արժէքաւոր է աշխարհիկ որեւէ մէկ գանձէ։ ''Ով որ Յիսուսին կը հանդիպի, հմայուած կը մնայ Անոր բարութենէն, Անոր գեղեցկութենէն եւ Անոր սէրէն. Յիսուսը փնտռելը ու Անոր հանդիպիլը մեր իսկական գանձն է'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հաւատացեալները հրաւիրեց իրենց հետ միշտ տանելու Աւետարանը ու զայն կարդալու, որուն մէջ քրիստոնեան կը գտնէ Աստուծոյ Արքայութիւնը, գանձը որ մեզ ուրախութեամբ կը լեցնէ. Ուրախութիւն մը որ ակնյայտ կը դառնայ բոլորին։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ Տիրամօր բարեխօսութեամբ հայցեց որ մեր մէջ բնակի սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան արքայութիւնը։
Ան ապա արտասանելէ ետք Մարեմեան աղօթքը ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները յայտնելով թէ վաղը (երկուշաբթի 28 յուլիսին) կը նշուի համաշխարհային Ա պատերազմի սկիզբի հարիւր ամեակը, որ միլիոնաւոր զոհեր եւ աւերներ պատճառեց։ ''Վաղը սուգի օր մըն է''- ըսաւ Քահանայապետը - եւ մինչ այս տխուր օրը կը յիշատակենք մաղթանքս է որ անցեալի սխալները դարձեալ չի կրկնուին այլ պատմութենէն դաս քաղենք, գերակշռելով խաղաղութեան պահանջները համարձակ եւ համբերատար երկխօսութեամբ։

Այս առընչութեամբ, այսօր միտքս կու գան երեք ճգնաժամային վայրեր` Իրագը, Միջին Արեւելքը եւ Ուքրանիան։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ շարունակէք միանալ իմ աղօթքիս որպէսզի Տէրը այդ շրջանի բնակչութեան եւ իշխանութիւններուն պարգեւէ իմաստութիւնը եւ պատշաճ քաջութիւնը ընթանալու խաղաղութեան ճանապարհով, դիմագրաւելով անհամաձայնութիւնները բանակցութեամբ եւ երկխօսութեամբ ու հաշտութեան զօրութեամբ։ Որոշումներու որպէս կեդրոն թող չի դրուին անձնական շահերը այլ հասարակաց բարիքը եւ ամէն անհատի յարգանքը։ Վերյիշենք թէ պատերզմով ամէն ինչ կը կորսուի եւ խաղաղութեամբ ոչ մի բան կը կորսուի։
''Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այլեւս ոչ երբեք պատերազմ։ Ոչ երբեք'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դնելով յատկապէս մանուկներու տառապանքին, այն անմեղ մանուկները որոնց ապագայի յոյսը քանդուած է, մանուկներ մեռեալ,վիրաւորեալ, որոնք ժպիտը կորսնցուցին։
Նորին Սրբութիւնը ապա բացագանչեց` ''Կանգ առէք, խնդրեմ։ Սրտի խորքէն կը պահանջեմ զայն ։ Ժամանակն է կանգ առնելու։ Կանգ առէք` խնդրեմ''։ Հուսկ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.