2014-07-28 08:52:18

Ռայի Պատրիարքը կ՛ընդգծէ անկախ անձնաւորութիւն մը Լիբանանի նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Կիրակի 27 յուլիսին Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներ կը ֆինանսաւորեն եւ կը կազմակերպեն արմատական կարգ մը խմբաւորումներ, որոնք կը հետապնդեն ահաբեկչական, քաղաքական եւ տնտեսական նպատակներ:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը կը կազմեն մէկ իրականութիւն, որուն վրայ կարելի է հիմնել լիբանանեան պետութիւնն ու Լիբանանը:
«Նկատի ունենալով, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը չեն ուզեր ունենալ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անդամ հանրապետութեան նախագահ մը, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց կարգին չեն ուզեր ունենալ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն նախագահ մը, հետեւաբար երկրին հանրապետութեան նախագահ պէտք է ընտրել անկախ անձնաւորութիւն մը, որ երկրին կարիքներուն եւ անոր ներքին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու ապահովական մարտահրաւէրները չէզոքացնելու մակարդակին ըլլայ:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց խորհրդարանին գումարելու իր նիստը եւ ընտրելու երկրին նախագահը:
«Կազայի զօրակցութեան նպատակով խորհրդարանին շաբաթավերջի պատկերը բացառիկ էր, երանի թէ այդ պատկերը կրկնուի նախագահական ընտրութեան նպատակով», ըսաւ ան:
ՄԻՒՍ կողմէ, մարոնի համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ 7 օգոստոսին մարոնի պատրիարքութեան առաջադրելիք նախաձեռնութեան նպատակն է վերջ տալ Մուսուլի քրիստոնեայ բնակչութեան բռնագաղթին:








All the contents on this site are copyrighted ©.