2014-07-26 09:34:00

Վարդավառ՝ Տօն Պայծառակերպութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի


Կիրակի 27 Յուլիս 2014-ին, Վարդավառ է՝ կամ Տօն Պայծառակերպութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի: Քրիստոսի Այլակերպութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երրորդն է: Ան Հայ ծէսին մէջ կը սկսի տօնակատարուիլ Է. դարուն, երեք օր տեւողութեամբ շքեղ հանդիսութեամբ, տօնական շարականներով, որոնք աւանդաբար կը վերագրուին Մովսէս Խորենացիին և Ս. Ներսէս Շնորհալիի, որ յօրինած է բ. և գ. օրերուն շարականները: Ըստ որոշ պատմագիրներու` Վարդավառի տօնը կապուած է Ջրհեղեղի և Նոյի` տապանէն իջնելու յիշատակին: Նոյ Նահապետ պատուիրած է իր որդիներուն, իրար վրայ ջուր սրսկել ի յիշատակ ջրհեղեղի: Քրիստոնէութեան ընդունումէն յետոյ, այս տօնը նուիրուած է Յիսուսի Քրիստոսի Այլակերպութեան, երբ Ան Թաբոր լեռան վրայ երեւցաւ իր աշակերտներուն` պայծառացած կերպարանքով:
Վարդավառը նաեւ հայոց ամենասիրուած, ամենաուրախ և յիշարժան տօներէն մէկն է, որովհետեւ ըստ հնագոյն առասպելներուն` հեթանոսական շրջանին, ան նուիրուած էր սիրոյ ու ջուրի հեթանոս աստուածուհի Աստղիկին, որ վարդաջրեր ցօղելով և վարդեր նուիրելով, սէր կը պարգեւէր մարդոց:







All the contents on this site are copyrighted ©.