2014-07-25 15:28:42

Ֆրանչիսկոս Պապի անակնկալ այցը Սուրբ Աթոռի պաշտօնեաներու սեղանատունը


Ուրբաթ, 25 յուլիսին, կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապը անակնկալ այցելութիւն կատարած է
Վատիկանի մէջ Սուրբ Աթոռի պաշտօնեաներու սեղանատունը։
Նորին Սրբութիւնը սեղանատուն ներկայացած է՝ ձեռին ափսէ մը, շարքի կեցած նման պարզ պաշտօնեայի մը։
Այս մասին Ռատիօ Վատիկանի յայտնեց սեղանատան խոհարարը Պր. Ֆրանքօ Փայինի։
Ըստ խոհարարին, Ֆրանչիսկոս Պապը հարց տուած է պաշտօնեաներու որպիսութեան եւ թէ ինչպէ՞ս կ՝ընթանայ իրենց առօրեայ գործունէութինը, ապա ճաշած է անոնց հետ միասին։
Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Աթոռի սեղանատան այցը աւարտած է պաշտօնեաներուն ողջունելով եւ անոնց տալով Իր Առաքելական օրհնութինը։
Սեղանատան խոհարարը,՝՝ արդեօք՝ կը սպասէի՞ք Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը հարցումին՝՝.
Ան պատասխանեց. ՝՝Ֆրանչիսկոս Պապի անակնկալ այցելութիւնը կը նմանի պայծառ երկինքի մէջ՝ յանկարծակի կայծակի մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.