2014-07-25 11:13:13

Վատիկանը մտադիր է նոր կայք մը բանալ լաւագոյնս ճանչցնելու եկեղեցական կանոնագրութիւնը։


Կարտինալ Ֆրանչէսքօ Քոքքոբալմիէրօ` նախագահը օրէնսդրական բնագիրնեըու քահանայապետական խորհուրդին, Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով, յայտնած է որ մտադիր է նոր կայք մը բանալ (www.delegumtextibus.va) լաւագոյնս ճանչցնելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կանոնագիրքը։Կայքի բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսոյն մէջ։
Կարտինալը նաեւ յայտնած է թէ թեմական եպիսկոպոսներուն կարելիութիւն պիտի տրուի արագցնելու ամուսնութեան դատավարութիւնները իրենց թեմերէն ներս։







All the contents on this site are copyrighted ©.