Սուրիոյ ֆրանչիսկեաններու Եաքուպիէ վանքը ռմբակոծուած։
Ս. Երկրի ֆրանչիսկեաններու Պահակը` հայր Փիցցապալլա կը հաղորդէ որ` 20 Յուլիս 2014-ի
երեկոյեան Սուրիոյ ֆրանչիսկեաններու Եաքուպիէ վանքը, որ կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանէն
ոչ հեռու, ռմբակոծուած է։ ''Վանքը մեծ վնասներ կրած է, սակայն բարեբախտաբար բնակիչներէն
ոչ մէկը վնասուած է'' յայտնած է Ս. Երկրի Պահակը խնդրելով աղօթել ֆրանչիսկեան հայրերու
եւ Եաքուպիէ ու Գնայէ բնակիչներուն համար, որոնց մեծ մասը հայեր են։ Ան նոյնպէս աղօթք
խնդրած է Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։ Նշենք որ Եաքուպէի վանքը կը
հիւրընակլէ 200 արտահաններ եւ օգնութեան կը հասնի աւելի քան 4000 քրիստոնեայ-իսլամ կարօտեալներու։