2014-07-25 09:49:56

Խամենէի Պաղեստինցիներուն կոչ կ՛ուղղէ շարունակելու Իսրայէլի դէմ զինուորական գործողութիւնները


ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի պաղեստինցի ժողովուրդին կոչ ուղղած է շարունակելու զինուորական գործողութիւնները Իսրայէլի դէմ եւ ընդլայնել գործողութիւններու գօտին:
«Այդ սիոնական դաժան վարչակարգին դէմ պայքարի միակ միջոցը դիմադրութեան շարունակումն ու զինուորական գործողութիւններու գօտիի ընդլայնումն է` մինչեւ Յորդանան գետի արեւմտեան ափը», յայտարարած է ան:
Նախապէս Իրանի իշխանութիւնները իսլամական աշխարհին կոչ ուղղած էին ոչ կրաւորական դիրքորոշում ունենալու Կազայի բնակչութեան օգնելու հարցին մէջ:
Նշենք, որ Համաս շարժումէն աղբիւր մը լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց, որ Համաս շարժումը պատերազմը ամիսներով շարունակելու կարողութիւնը ունի: Օրաթերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները բժշկական պատուիրակութեան մը ճամբով Կազային նիւթական օժանդակութիւն ուղարկած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.