2014-07-25 09:37:38

Ալճերիական օդանաւ մը ջախջախուեցաւ Մալիի մէջ


Ալճերիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ալճերիական օդանաւ մը ջախջախուած է, եւ անոր մէջ գտնուող բոլոր ճամբորդները մահացած են:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ 110 ճամբորդներ Պուրքինա Ֆասոյի մայրաքաղաք Ուակատուկուէն Ալճերիա փոխադրող օդանաւին հետ կապը անոր թռիչք առնելէն 50 վայրկեան ետք կորսուած է:
Ըստ տեղեկութեանց, ճամբորդներուն շարքին էին 20 լիբանանցիներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.