2014-07-24 12:02:06

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրը Թայուանի օդանաւային ընկերութեան թռիչքի արկածի զոհերուն


Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը` կարտինալ Բարոլին, յանուն ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Թայփէի թեմի առաջնորդ արքեպիսկոպոս Շան-Շուանին, որուն մէջ կը գրէ. Սրբազան Հայրը ի լուր Թայուանի օդանաւային արկածին իր աղօթքը կը բարձրացնէ Ամենակալին, որպէսզի Ան, Իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը եւ սփոփէ անոնց հարազատները։ Նշենք, որ Թայուանի Թրանասիա օդանաւային ընկերութեան թռիչքը վայրէջք ընելու ժամանակ, Մաթմօ կոչուած թիֆոնի հանդիպելով, թռիչքը ջախջախուած է եւ որուն հետեւեանքով 58 հոգիներ զոհ գացած են, անոնցմէ 47ը մահացած են եւ 11 հոգի վիրաւորուած։







All the contents on this site are copyrighted ©.