2014-07-24 08:59:42

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս Պատրիարքը կը զօրակցի Իրաքի քրիստոնեաներուն հետ


Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս Պատրիարքը հարցազրոյց մը ունեցաւ Թէլէլիւմիէր-Նուրսաթ հեռուստակայանի խօսնակին հետ, երեքշաբթի, 22 յուլիս 2014, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:
Հարցազրոյցի ընթացքին Հոգեւոր Տէրը յիշեց, որ 21-րդ դարուն քրիստոնեաներուն կրած հալածանքները ամենասաստիկն են պատմութեան ընթացքին: Իրաքի քրիստոնեաները, որոնք հազարներով փախուստ կու տան Մոսուլէն եւ այլ շրջաններէն, արդէն փոքրամասնութիւն կը կազմեն եւ որոնց թիւը վերջին տարիներուն զգալիօրէն նուազեցաւ «Արաբական գարուն» արտայայտութեան շրջանին: Այսօր Մոսուլ գրեթէ դատարկ է քրիստոնեաներէն աւելցուց Հոգեւոր Տէրը:
Իսլամ ծայրայեղականներու տուած վերջնագրին համաձայն, Իրաքի քրիստոնեաները ստիպուած եղան լքելու իրենց երկիրը, ապա՝ այլ ճակատագրի պիտի ենթարկուէին:
Հոգեւոր Տէրը շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն միակ ապաւէնը Քրիստոսն է եւ ոչ՝ զէնքը: Քրիստոնեաները խաղաղութեան կողմնակից են եւ ոչ պատերազմի, ըսաւ ան, ապա՝ կոչ ուղղեց բոլոր միջազգային հասարարական կազմակերպութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան մարմիններուն ձեռնածալ չմնալ ու աշխատիլ վերջ տալ հալածանքներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.