2014-07-24 09:43:12

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած ընտանիքի


RealAudioMP3 Այսօր մայրերու սիրտը կարծես այլափոխուած է։ Ի հեճուկս սրբակեաց մայրերու, որոնք լռութեան մէջ իրենց կեանքի խաչը շալկած նուիրուած սերունդներ կը պատրաստեն, ունինք մայրեր եւ դժբախտաբար շատ են, որոնք ինքնակամ եւ նախածրագրուած, իրենց արքանդին մէջ ապահովութիւն գտած, անպաշտպան զաւակը վիժումով կը սպաննեն. Ի՜նչ անողորմ արարք։ Երկու կաթիլ արցունքներ կը թափեն ու ապա իրենց կեանքի բնականոն ընթացքին կը վերադառնան անզգամ եւ անտարբեր։ Չենք ուզեր այս խոցելի եւ անողորմ արարքի վրայ ժամանակ վատնել պատմելու համար անոնց մասին, որոնք մէկ արհեստական վիժումով չեն բաւականար չեն գոհանար, այլ կրկին ու կրկին վիժումներով ընթանալ, կարծես թէ իրենց մարմինները սպանդանոց դարձած ըլլային։
Մինչ այս զարհուրելի վերլուծումը կը կատարենք,մեր աչքին առջեւ ունինք մեր ազգի հարա զատ մայրերը, որոնց կ՛ուզեմ գգկուել ու սիրելով անոնց ըսել. սիրէ եւ մի Սպաններ։ Կ՛ուզեմ մեր հայ երիտասարդ մայրերուն հանդիպիլ ու սիրով անոնց ըսել. եթէ կան համաշխարհային ուժեր, կամ հզօր աթոմական ուժեր ոչինչ են, հաւատացեալ, Աստուծոյ հաւատարիմ ընտանիքի ուժին դիմաց։ Եւ դու հայ աղջիկ քու ուժդ քու մայրութեանդ եւ ընտա նիքիդ մէջ է։
Անոր համար չենք ուզեր աւելի հեռու երթալ ու պատմել այն երկիրներուն ու պետութիւննե­ րուն մասին, որոնք կ՛աշխատին վիժումը մարդկային իրաւունք դարձնել։ Չենք ուզեր խօսիլ անոնց մասին, որոնք կ՛աշխատին մարդկութեան գերագոյն եւ կեդրոնական ուժը՝ ընտանիքը քանդել։ Եկեղեցին, գիտակից սատանայական այս ուժերուն գոյութեան, կը մնայ հաստատ եւ անխախտ իր աստուծային բնաբաններու վրայ հիմնուած եւ կը շարունակէ պայքարիլ մարդու իրաւունքները յարգելու եւ պահպանելու համար։ Յիշատակութեան արժանի է, Միացեալ Ազգերու կողմէ հռչակուած մարդկային իրաւունքները, 10 Դեկտեմբեր 1948ին եւ որ մարդ­ կային իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութեան յիսնամեակի տօնակատարութեան առթիւ կ՛ըսէր . “Ընտանիքը ընկերութեան բնական եւ հիմնական Կորիզն է” ։

20- Արհիւապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած Ընտանիքի - ԽՐԱՏ ԾՆՈՂԱՑ
Եթէ տիեզերական մարդկային իրաւունքները կ՛ընդունին ընտանիքը, որպէս կորիզ մարդկային ընկերութեան, նոյնը եթէ գիտական աշխարհը զայն կ՛ընդունի, որպէս առաջին դպրոց կեանքի գիտութեան, եկեղեցին, եւս առաւել զայն կ՛անուանէ “տնային եկեղեցի”։ Եթէ ընկերաբանները ընտանիքը կը նկատեն որպէս լաւագոյն բնական օրրանը զաւակներու բնականոն աճին։ Եթէ հոգեբանները նաեւ կը նկատեն ընտանիքը իդէալ վայրը յաղթահարե լու բարդոյթները եւ հոգեկան տագնապները կեանքին։ Ինչո՞ւ մենք հայ քրիստոնեայ ժողովուրդը, լքած պիտի մնանք մեր սրբազան աւանդութիւնները, ինչո՞ւ պիտի մոռնանք Աստուծոյ պատուիրանները եւ Անոր խնդրանքը որ Աստուծոյ օրը սուրբ պահուի եւն…։ Ինչո՞ւ պիտի չապրինք այս սուրբ հոգեպարար պատուէրները եւ փողոց իյնկած հաւաքենք եւ ընթօրինա կենք օտար երկիրներու՝ վատ ու ժխտական սովորոյթները։
Օտար ափերու վրայ մեր զաւակաները խառնուելով տարբեր մշակոյթներուն հետ, յաճախ կը վարակուին անոնց սովորութիւններէն եւ վերադառնալով իրենց տոհմային ծննդավայրը օտարացած կ՛անջատուին իրենց միջավայրէն ապրելու համար օտար սովորութիւն մը, մտայնութիւն մը որ չի պատկանիր իրենց ինքնութեան կամ ազգութեան։ Այս պատճառով սրտաբուխ աղաչանք մը ունինք ձեզի հայրեր, որ պարտականութիւնը առած էք պաշտպանե լու ձեր ընտանիքը վտանգներու դէմ։ Այր մարդը գլուխ ըլլալով ընտանիքին կամ կնոջ, պարտականութիւն ունի սիրելու, ուղղելու, կրթելու եւ առաջնորդելու իր զաւակները դէպի աղբիւրը լոյսին։ Հայրեր պատասխանատուութիւն ունիք Աստուծոյ եւ ընկերութեան դիմաց հասցնել զաւակներ, առողջ հոգիով ու մարմինով, զօրաւոր կամքով հաստատ քրիստոնէական բարոյականով, ու արդարամիտ հաւասարակշիռ ապագայի անձնաւորու թիւններ։
Իսկ դուք մայրեր, ձեր պարտականութիւնները շատ աւելի ծանր ու պատասխանատու են։







All the contents on this site are copyrighted ©.