2014-07-24 09:19:28

Ապպուտ Պօղոս պարգեւատրուեցաւ «Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետ»ի շքանշանով


Ձեռամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, կիրակի, 22 յուլիս 2014, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պր. Ապպուտ Պօղոսի պարգեւատրումը «Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետ» քահանայապետական շքանշանով, առ ի գնահատանք անոր մարդասիրական գործերուն, ծառայութիւններուն եւ եկեղեցւոյ հաւատարմութեան: Ներկայ էին գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանը, հայր Վարդան վրդ Գազանճեանը, Ռաֆայէլ սարկաւագ Ժաուհարժի, Սեւակ սարկաւագ Համալեան, Ապպուտ Պօղոսի ընտանիքը, անոր հարազատներն ու բարեկամները:

Յատուկ արարողակարգով հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ընթերցեց շքանշանի տուչութեան քահանայապետական կոնդակը, որուն յաջորդեց քահանայապետական շքանշանին տուչութիւնը: Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը վեր առաւ պարգեւատրեալին արժանիքները, բարձր գնահատելով անոր ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ համայնքին:
Իր կարգին մեծարեալը իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին, ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ եւ բոլոր ներկաներուն:

Արարողութենէն ետք ներկաները շնորհաւորեցին մեծարեալը:







All the contents on this site are copyrighted ©.