2014-07-23 11:23:53

Հռոմի Եպիսկոպոսը քաջալերական պատգամ մը ուղած է Կազայի կաթողիկէ համայնքին


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է Կազայի փոքրաթիւ կաթողիկէ հասարակութեան. ՝՝թող իմ աղօթքս ընկերանայ ձեզի։ Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը ձեր պահապանը ըլլայ՝՝։
Նորին Սրբութիւնը իր ուղարկած պատգամով կը գրէ հայր Խորխէ Հերնանտեսին` արխենթացի առաքեալ, որ չուզեց հեռանալ Կազայէն՝ առանձին չթողելու հաւատացեալները։ Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը տալով ուզեց իր մօտիկութիւնը յայտնել՝ Կազայիի քրիստոնեայ համայնքին, Կալկադայի Մայր Թերեզայի կրօնաւորուհիներուն, որոնք անկար 28 երախաներ կը խնամեն եւ օգնութեան կը հասնին 9 ծերերու։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կ`եզրափակէ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը բոլորին վրայ։
Հայր Խորխէ ,Իսրայէլ-Համաս զինեալ ընդհարումը կը որակէ ,որպէս դժոխային, ուր միմիայն պարտուո ղ կայ, դիտել տալով՝ որ համայն աշխարհը պիտի վճարէ հետեւանքը այս կուրութեան ու չարութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.