Հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեան՝ ընդհանուր փոխանորդ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւ. Եւրոպայի
առաջնորդութեան
Հինգշաբթի, 17 յուլիս 2014, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեան
սուրբ Պատարագ մատուցանեց Քանաքեռի (Երեւան) «Նարեկի Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ
հոգեւոր հայրերու, հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարի մասնակիցներուն
եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Յընթացս սուրբ Պատարագին, սրբազան հայրը թագադիր
ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը շնորհեց Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի նորանշանակ
առաջնորդական փոխանորդ (ըստ ԱԵԿ կանոն 245-ի), Մխիթարեան ուխտէն՝ հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեանին,
անոր տալով խոյր, գաւազան եւ մատանի, ապա՝ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ իր հայրական
օրհնութիւնը տուաւ անոր:
Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ներկաները եկեղեցւոյ շրջաբակին
մէջ իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները ներկայացուցին Հայաստանի առաջնորդութեան
ընդհանուր փոխանորդ գերապայծառ հայր Մեսրոպ թ.ծ.վ. Սիւլահեանին: