2014-07-22 09:24:22

Փութին կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հետաքննիչներուն անվտանգութիւնը ապահովելու


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ պատկերասփռուած ուղերձով մը անդրադարձած է մալեզիական օդանաւի հարցին: Ան կոչ ուղղած է միջազգային հետաքննիչներուն անվտանգութիւնը եւ մալեզիական օդանաւին աղէտի վայրին հասանելիութիւնը ապահովելու:
Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Փութին համոզում յայտնած է, որ եթէ 28 յունիսին Ուքրանիոյ տարածքին մէջ չվերսկսէին զինուորական գործողութիւնները, այդ ողբերգութիւնը տեղի պիտի չունենար:
«Միաժամանակ, ոչ ոք իրաւունք ունի այդ ողբերգութիւնը օգտագործելու քաղաքական նենգ նպատակներու համար: Այսպիսի իրադարձութիւններ մարդոց ոչ թէ պէտք է բաժնեն, այլ միացնեն: Անհրաժեշտ է, որ բոլոր անոնք, որոնք պատասխանատու են այդ շրջանի իրավիճակին համար, իրենց պատասխանատուութեան չափը մեծցնեն ինչպէս սեփական ժողովուրդին, այնպէս ալ այն ժողովուրդներուն առջեւ, որոնց ներկայացուցիչները դարձած են այդ ողբերգութեան զոհերը», ըսած է Փութին ուղերձին մէջ:
Ան նշած է նաեւ, որ Ռուսիան իրմէ կախեալ ամէն բան պիտի ընէ, որպէսզի տագնապը Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ ներկայ պատերազմական հանգրուանէն անցնի սեղանի շուրջ խաղաղ բանակցային հանգրուանի եւ լուծուի բացառապէս դիւանագիտական միջոցներով







All the contents on this site are copyrighted ©.