2014-07-22 09:07:02

Իսրայէլ կը շարունակէ Կազայի դէմ իր յարձակումը


Իսրայէլ երէկ շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումը եւ հրետանիով ռմբակոծեց Կազայի տարբեր շրջաններ, ներառեալ` Աքսա հիւանդանոցը, ուր արձանագրուեցաւ 4 զոհ եւ 15 վիրաւոր:
Երէկ յարձակումին պատճառով Կազայի մէջ արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացաւ 510-ի, իսկ վիրաւորներունը` 3200-ի:
Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան ուժերը Շուժահիյա շրջանին մէջ սպանդ մը գործած էին` սպաննելով աւելի քան 70 քաղաքայիններ, ներառեալ` կիներ եւ մանուկներ: Լրատուամիջոցներ Շուժահիյան նմանցուցին Սապրայի ու Շաթիլայի:
Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Իսրայէլ Կազայի դէմ տարօրինակ եւ միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքեր կ՛օգտագործէ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Շուժահիյա թաղամասին դէմ իսրայէլեան յարձակումը` նշելով, որ այդ թաղամասը «մեզի համար պատմական նշանակութիւն ունի»: Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը Իսրայէլի կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու «պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իր յարձակումները» եւ կոչ ուղղեց զինադադար հաստատելու` աւելցնելով, որ Թուրքիա շարունակ ջանք կը թափէ բախումներու դադրեցման եւ խաղաղութեան վերականգնման վրայ:
Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ երէկ արշալոյսին իսրայէլեան ուժերու գիծին ետին ցամաքահանում մը կատարած են եւ բուռն բախում մը ունեցած անոնց հետ, ինչ որ իսրայէլեան բանակը ստիպեց ընդունելու իր կարգ մը կորուստները: Քասսամի փաղանգները նաեւ յայտարարեցին, որ գործողութիւնը կատարած են մասնայատուկ ուժերու 12 անդամներ, որոնցմէ 10-ն զոհուած է եւ 2-ը ապահով կերպով վերադարձած իրենց դիրքը:
Նշենք, որ Թել Աւիւը, Ղոշ Տանը, Աստոտը, Աշքելոնը, Պէյթ Շայմաշը, Քիրիաթ Մլախին, Ռահֆութը եւ Ռոշիոթ Լիթսիունը դարձեալ Կազայէն հրթիռակոծուեցան:







All the contents on this site are copyrighted ©.