2014-07-22 10:28:42

Էֆթար՝ Եգիպտոսի լրագրողներու եւ մտաւորականներու հետ


Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի հրաւէրով, Հելիոպոլսոյ առաջնակարգ ճաշարանի մը մէջ, 24 եգիպտացի լրագրողներ եւ մտաւորականներ, գիտաշխատողներ համատեղ ռամատանեան Էֆթարի սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան Շաբաթ, 19 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան:
Աւանդական դարձող այս համախմբման հրաւիրող մարմնի անունով ողջոյնի խօսքը արտասանեց տոքթ. Արմէն Մազլումեան, որ ապա խօսք առնելու հրաւիրեց Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս եպսկ. Գուսանը, որ սրտամօտիկ իր խօսքով արժանացաւ սեղանակիցներու ջերմ գնահատանքին:
Հրաւիրեալ ներկաներու շարքին էին՝ Էյն Շամս համալսարանէն ներս Մ. Արեւելեան ուսումնասիրական կեդրոնի տնօրէն, արդի պատմութեան դասախօս դր. Կամալ Ապու Շաքրա, միջազգային իրաւունքի փորձագէտ դր. Այման Սալամա, «Ալ Ահրամ»ի արտաքին բաժնի պատասխանատու խմբագիր Մոհամմէտ Ամին էլ Մասրի, արդի պատմութեան դասախօս եւ եգիպտահայ տարեգրութեան մասնագէտ դր. Մոհամմէտ Էլ Իմամ, «Ալ Ահրամ»ի հրատարակութիւն «Սիասա էլ տաուլէյա» եռամսեայի խմբագիր Ապու Պաքր էլ Տեսուքի, «Վէթօ» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Էսամ Քամէլ, արտաքին նախարարի երկու ամերիկաներու գործոց տեղակալի օգնական, Երեւանի մէջ Եգիպտոսի նախկին հիւպատոս Թարէք էլ Միլիկի, մշակոյթի նախարարութեան գիտաշխատող եւ լրագրող Ահմէտ էլ Ֆարրան, «Ախպար», «Կումհուրէյա», «Վաթան», «Ռոզալ Եուսէֆ», «Էլ Պատիլ», «Սատա Էլ Պալատ օրաթերթերու եւ լրագրական հաստատութիւններու, ONTV-ի եւ Nile TV-ի (մշակութային) հեռուստալիքներու, «Սոթ էլ արապ» ռատիոկայանի ներկայացուցիչներ եւ աշխատակիցներ:
Հացկերոյթի ընթացքին, կողմնակի խօսակցութիւններու ճամբով Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձին հետ կապուած կամ անկէ անկախ համագործակցութեան նոր հորիզոններ պարզուեցան, որոնք հետագային՝ գործնականանալէ առաջ, պիտի հաղորդենք մեր հասարակութեան:
Նման համախմբումները կ᾽օգնեն Եգիպտոսի մէջ հայոց տնտեսական, մշակութային թէ ընկերային դերակատարութիւնները լուսարձակի տակ առնելու եւ ա՛լ աւելի մանրամասնութիւններու մէջ խորանալու, նկատի ունենալով որ հրաւիրեալ հասարակութիւնը ընթերցող եւ բանիմաց է, առաւել՝ իր համար նորութիւններն
ընկալող:
Աւարտին, երբ արդէն հրաւիրեալներէն ոմանք մեկնած էին, մնացեալները խմբանկարուեցան ճաշարանին առջեւ:







All the contents on this site are copyrighted ©.