2014-07-22 12:00:05

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը զօրավիգ կը կանգնի հալածուած քրիստոնեաներուն։


20 Յուլիս 2014-ին Լոս Անճելոսի մարոնիներու եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին, Ս. Շարպելի տօնին առթիւ, կարտինալ Սանտրի` կառավարիչը արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի, իր արտասանած քարոզին մէջ ի մէջ այլոց հաւաստեց, թէ ան շատ մօտ է Ս. Երկրի հաւատացեալներուն եւ մասնաւորապէս Պաղեստինցիներուն, որոնք դառն կեանք մը կ'ապրին ներկայ զինեալ ընդհարումնին հետեւանքով։ Իր խօսքը եզրափակեց բացագանչելով ''Անոնց արցունքը մեր արցունքն է''։







All the contents on this site are copyrighted ©.